Արիան Տէլաքամփանեը Նկարներ

Կենսագրութիւն

Հայ ծնողներէ սերած Արիան Տէլաքամփանեը ծնած եւ ուսանած է Պէյրութի մէջ:

1970-ականներուն, Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի ընթացքին, ան կը հաստատուի Նիւ Եորք, ուր կը հետեւի դասընթացքներու՝ Նիւ Եորքի Լուսանկարչութեան Միջազգային Կեդրոնին մէջ (International Center for Photography): Ան կանուխէն սկսած էր հետաքրքրութիւն ցուցաբերել փողոցներու նկարչութեամբ եւ փողոցի կեանքի թրթռացումով: Մասնագիտանալով Կէրի Ուինոկրէնտի (Gary Winogrand), Լի Ֆրիտլէնտըրի (Lee Friedlander) եւ Ուիլիըմ Էքլէսթընի (William Eggleston) լուսանկարչութեանց ուղիով՝ ան սկսած է նկարել աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ, որոնց շարքին՝ Թոքիօ, Շանկհայ, Պէյճինկ, Հանոյ, Եանկոն, Լուանկ Փրապանկ, Ֆէզ եւ Գահիրէ:

Անասելի կիրքով փարած ըլլալով Ֆլամէնքոյին, 2004 թուականին ան ձեռք բերաւ լիազօրութիւն՝ հրապարակելու շարք մը նշեալ արուեստին վերաբերեալ, զոր ան կը սիրէ կատարել, որովհետեւ արուեստի այս ճիւղը կ'ընծայէ առիթ՝ արդարացումներու կամ զիջումներու առաջ չկանգնելու: Ճամբորդելով Ֆրանսա, Սպանիա եւ Ճափոն, ան կը լուսանկարէ Ֆլամենքօ արուեստի մէջ հմտացած արհեստավարժներ եւ սիրողական մակարդակի պարողներ՝ իրենց վերացած, մաքրամաքուր զգացողութեան վայրկեաններուն եւ իրենց տխրութեան թէ ուրախութեան գագաթնակէտին: Ան կը հետազօտէ Ֆլամենքոն իբրեւ մտային դրութիւն եւ ըլլալու կերպ, փորձելով բռնել տուենտէն, սրբագործ շունչը, որ յաճախ կը կրէ դրոշմը հոգեվիճակի մը, վարպետութեան մը:

Հայկական ծագման վերաբերեալ իր հետաքրքրութիւնը զինք կը վերադարձնէ Լիբանան, ուր ան վերջերս կը սկսի նկարել բնակիչները Պուրճ Համուտի, որ հիմնականին մէջ հայկական աւան մըն է մայրաքաղաք Պէյրութի Հիւսիս-Արեւելքը գտնուող: Շրջանը գոյութիւն ունեցած է իբրեւ գաղթականական քէմփ, այսօր, սակայն, անիկա առեւտրական եւ արդիւնաբերական ամէնէն բարգաւաճ կեդրոններէն մէկն է Լիբանանի: Այսուհանդերձ հայերը սկսած են լքել երկիրը 1975-ի Քաղաքացիական Պատերազմի առաջին տարիներէն սկսեալ եւ հաստատուիլ այլ վայրեր՝ որոնելով աւելի բարօր կեանքի առիթներ, շարժում մը, որ շարունակաբար աճեցաւ՝ շրջանային իրավիճակի բարդացման հետեւանքով եւ այդ մէկը պատճառ կը դառնայ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող փոքրամասնութիւններու թիւի նուազեցման:

Ան կ'աշխատի թէ' գունաւոր եւ թէ սեւ ու սպիտակ ժապաւէններով եւ ցուցահանդէսներ տուած է Ֆրանսայի, Սպանիոյ, Լիբանանի, Մարոքի եւ Նիւ Եորքի մէջ:

Ֆլամենքօ Ծրագիր
Ֆլամենքօ արուստի մասին՝ Ֆրանսայի հարաւը կայանալիք ցուցահանդէսի մը առիթով աշխատանքի լծուած, Տելաքամփանեը սկսաւ լուսանկարել արուեստասէրներ, Ֆլամենքոյի դասեր առնելով Նիւ Եորքի ''Ֆազիլ''ի մէջ, պարարուեստի կեդրոն մը, ուր ժամանակին փորձառական շրջան անցուցած են Ֆրէտ Էսթէր, Ճիմ Քէյնի եւ Կրեկորի Հայնզ, եւ որ սակայն ներկայիս չի գործեր: Ան շարունակեց իր աշխատանքը Հարաւային Ֆրանսայի պարի փառատօններու մէջ՝ նկարելով Ֆլամենքոյի աստղեր, ինչպէս՝ Ֆերրուքօ, Պելէն Մայա եւ Մերսետէս Ռուիզ:

Հարաւային Ֆրանսա գտնուած շրջանին ան կը լուսանկարէ նաեւ ուխտաւորներ Սէնթ-Մարի տէօ-լա-Մերի մէջ, որ Եւրոպայի գնչուներու մեծագոյն ուխտավայրերէն է եւ միաժամանակ անոնց առաջնորդ՝ Սերահի բնակավայրը: Այս ուխտագնացութիւնները առիթներ են կրօնական ելոյթներու, որոնք յաճախ կը փոխակերպուին մինչեւ ուշ գիշեր տեւող տօնախմբութեանց՝ շնորհիւ ինքնաբուխ երգին ու պարին:

Սպանիոյ մէջ, հնադարեան Մատրիտ Սթիւտիօ Մատրը տէ Տիոյի մէջ ան յափշտակուեցաւ պարողներով եւ Սեվիլ'զ Թապլաոզի մէջ դերասաններով՝ Ճերեզ Ֆերիաս եւ Քատիքս Փերիաս: Արուեստագէտներու հետ իր շփումներուն ընթացքին ան յատնաբերեց Ֆլամենքոն՝ իբրեւ կեանքի, ապրելու ձեւ, մէկ խօսքով՝ իբրեւ կենսաձեւ: Վերջերս ան հրատարակեց իր ուղեւորութիւններուն պտուղը՝ «Տուենտէ, Ֆլամենքոյի Դէմքեր եւ Ձայներ» հատորով, ուր Քրիսթիան Տելաքամփանեը ստորագրած է առաջնորդող յօդուած մը (l’Archange Minotaure, 2007, France).

Հայկական Ծրագիր
Հայերը կը համարուին կրօնական 18 համայնքներէն մէկը Լիբանանի, որուն քաղաքական դրութիւնը հիմնուած է իշխանութեան մէջ տարբեր համայնքներու դերաբաշխումի վրայ: 1915ին, Օսմանեան կայսրութեան գործադրած Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին մեծ թիւով հայեր բռնի տեղահանուեցան իրենց հողերէն. անոնցմէ շատեր հասան Լիբանանի Հիւսիս-Արեւելքը, երկու մղոն քառակուսի հաշուող ճահճահուտ վայր մը մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ՝ Պուրճ Համուտ անունով, ուր անոնք սկսան ձեւաւորուիլ իբրեւ հայկական ինքնուրոյն համայնք: 1930-ականներուն, հայերը իրենց բնակավայրը վերածեցին քաղաքային աւանի մը՝ հիւղերն ու գաղթականական վրանները փոխարինելով ժամանակակից շինութիւններով: Ցեղասպանութենէն վերապրող զանգուածը իրարու ետեւէ բարձրացուցին երկյարկանի եւ չորսյարկանի շէնքեր եւ համեստ բնակարաններ, միաժամանակ առեւտրական եւ արհեստագործական գործունէութիւն ծաւալելով շուկայական հասկացողութեամբ: Կառուցուիլ սկսան շէնքեր եւ դպրոցներ, վերստեղծուեցան առողջապահական եւ ընկերային ծառայութիւններ՝ Հայկական Սփիւռքի տրամադրած օժանդակութիւններով, որպէսզի կարելի ըլլայ ձեռք երկարել յատկապէս վերապրող տարեցներուն եւ անոնց յաջորդող սերունդներուն, որոնք հարկադրաբար փախած էին իրենց հայրենի հողերէն՝ լքելով իրենց ունեցուածքն ու սեփական ինչքերը:

Լիբանանի մէջ հայերը յաջողեցան ամբողջանալ ու կազմուիլ, իրենց մայրենի լեզուն գործածելու կարելիութիւնը ունենալով, որ մինչեւ այսօր կը նկատուի իրենց միջեւ հաղորդակցութեան գլխաւոր եւ բնական ազդակ մը: Բազմաթիւ ազգային եւ մշակութային կազմակերպութիւններու, ուսումնական հաստատութիւններու եւ հայալեզու մամուլի ներկայութիւնը ստեղծած է հայկական իւրայատուկ մթնոլորտ մը՝ գլխաւորաբար հայերով բնակեցուած Պուրճ Համուտ աւանին մէջ, ուր կարելի է հանդիպիլ հայկական խանութներու անուններու եւ ազդերու, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն գրութիւններու կողքին: Շրջանը կը յատկանշուի ծայրայեղ կենդանութեամբ, անդադրում եւ խճողուած գործունէութեամբ: Այսուհանդերձ, ազգային եւ շրջանային հարցերու ստեղծած թոհուբոհին պատճառով շրջանի բնակիչները սկսած են հետզհետէ հեռանալ երկրէն՝ բարգաւաճման աւելի լաւ առիթներ փնտռելով այլուր:

Արիան Տէլաքամփանեը տարիներէ ի վեր կը լուսանկարէ Պուրճ Համուտի հայերը, ներկայիս՝ իրենց տուներուն մէջ, իրենց արհեստանոցներուն մէջ կամ իրենց արդիւնաբերական աշխատանոցներուն մէջ, իրենց ընտանեկան շրջապատին մէջ, իրենց մշակութային գործունէութիւններուն ընթացքին, ինչպէս նախապէս՝ Քէմփ Սանճաքի մէջ, որ ներկայիս քանդուած է եւ շրջանի բարգաւաճման հետամուտ շինարարներու տրամադրութեան տակ դրուած:

Փողոցի Ծրագիրը
Արիան Տէլաքամփանեը քանի մը տարիէ ի վեր կը լուսանկարէ մարդիկ՝ Հարաւային Ասիոյ փողոցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքն ու Եւրոպան: Խճողուած այս վայրերուն մէջ ստեղծուած հրմշտուքէն ու պոռչտուքէն անդին, ան կը սիրէ զգալ մարդոց կեդրոնացեալ ներուժն ու իրաւութիւնը, որ շրջապատը կենդանի թատրոնի կը վերածէ՝ հեռու ձեւակերպութենէ եւ շինծու արուեստականութենէ: